Nor Haratch - Նոր Յառաջ - լրահոս
«Նոր Յառաջ» 2025 Սեպտեմբեր 6-ի ձայնագրեալ լրահոսը

ՓԱՐԻԶ - Հայաստան մասնակցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Արհեստական բանականութիւնը եւ կրթութեան ապագան» վերտառութեամբ համաժողովին։

Իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանի համաձայն՝ Պաքուի հայ գերիներու շրջանակին մէջ եղած են անձնասպանութեան փորձեր։

Ըստ իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեանի՝ արդէն 100.000-է աւելի «արեւմտեան ազերպայճանցիներ» արձանագրուած են Հայաստան վերադառնալու համար։

Արագածոտնի թեմի Ներքին Բազմաբերդ գիւղի վերանորոգուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին շուտով իր դռները կը բանայ։

Դիլիջանի մէջ բացուած է հիւրընկալութեան միջազգային դպրոցը։